top of page

Ոչ մի օր առանց բանաստեղծության

  • Ներսեհ Ա. Ա.
  • Mar 25, 2018
  • 1 min read

ԶԱՀՐԱՏ

«Երկու հատ մոմ» Այս գիշեր Աստուածամօր մեծ պատկերին առջեւ ես Երկու հատ մոմ վառեցի Եւ ըսի — Եթէ քեզի մոմ մը վառել կը բաւէ Եթէ մոմով մը կատարուին պիտի իղձերս բոլոր Աստուածամայրըս իմ դուն Ըրէ այնպէս մը որ հասնիմ երջանկութեան քայլ առ քայլ Որովհետեւ աւելի լաւ գիտես դուն Գիտես թէ ինչ պէտք է ինծի որ երջանիկ ըլլամ ես Մի մոռնար Այդ մոմերէն մին ես եմ Աստուածամօր այսպէս ըսի այդ գիշեր Երբ պատկերին երկու հատ մոմ վառեցի Ու ըսի — Այդ միւս մոմն ալ հաւանաբար կը ճանչնաս թէ որունն է Անոր մասին շատ եմ խօսեր քեզի հետ Ան գուցէ Աստուածամօր կամ Աստուծոյ մասին շատ բան չի գիտեր Բայց հոգ չէ Եւ կամ ան Սա վայրկեանիս լուր չունի թէ մոմ մըն ալ Իրեն համար վառեցի Հոգ չէ բայց Աստուածամայրըս իմ դուն Ըրէ այնպէս մը որ ան ալ երջանկութիւնը ճանչնայ Մի մոռնար Այդ մոմերէն մին ան է Ու գիտես թէ զինքը որքան կը սիրեմ:

Commentaires


Հետևեք մեզ
facebook-ում 

    Like what you read? Donate now and help me provide fresh news and analysis for my readers   

© Գիտե՞ք, թե,,,

Donate with PayPal

© 2023 by "This Just In". Proudly created with Wix.com

bottom of page