top of page

Ոչ մի օր առանց բանաստեղծության

  • Ներսեհ Ա. Ա.
  • Jun 29, 2018
  • 1 min read

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ «Օրօր»

Օրօ՜ր, տղա՛ս, օրօր ըսեմ քնանաս, Համբոյրիս տակ փակես աչքերդ ու բանաս. Քունդ ոսկի երազներով քաղցրանայ, Կեանքդ ամբողջ շքեղ երազ մը դառնայ:

Դո՛ւն ես մեր տան լուսեղէն սիւնը միակ, Ժառանգն անթիւ մեռելներուս նահատակ. Բարձիդ վրայ, տե՛ս, երկնքէն կը հակին Հրեշտակաթեւ անոնց կարօտն ու հոգին…

Օրօ՜ր, տղաս, օրօր ըսեմ քնանաս, Դժոխալուր ձայնն աշխարհի չիմանաս. Մութ է այսօր, ամէն կողմ ծուխ ու կրակ, Բայց կը բացուի վաղը պայծառ արեգակ:

Արժէ՜ ապրիլ, տեսնել երկիրն այս աղուոր Եւ լեռներու դառնալ խիզախ ուղեւոր. Որքան գանձեր կեանքը կրնայ քեզի տալ, Որքա՜ն վարդեր՝ փուշերու մէջ կորուսեալ…

Ննջէ անհոգ, եւ արցունքի ոչ մէկ շիթ Չպղտորէ աչքերուդ լիճը վճիտ. Ջերմ հաւատքի հովերը լոկ ոգեշունչ Ըլլան շոյանք ու թեւածեն ճակտիդ շուրջ…

Օրօ՜ր, տղա՛ս, օրօր ըսեմ՝ շուտ մեծնաս, Անմահ փառքի դափնիներուն տիրանաս. Օր մը յանկարծ քեզմով իմ տունըս շէննայ Եւ հայրենիքն ալ քու անուամբ պարծենայ:

Comments


Հետևեք մեզ
facebook-ում 

    Like what you read? Donate now and help me provide fresh news and analysis for my readers   

© Գիտե՞ք, թե,,,

Donate with PayPal

© 2023 by "This Just In". Proudly created with Wix.com

bottom of page