top of page

Ոչ մի օր առանց բանաստեղծության

  • Ներսեհ Ա. Ա.
  • Nov 7, 2018
  • 1 min read

ԵՂԻՎԱՐԴ

Վարդարանը

Ժամանակի լարին վըրայ,

Վարդարան է կեանքը մարդուն.

Ամէն հատիկ վըկայ մը լո՜ւռ

Հոգիէն մեր անցածներուն:

Շըրջանակին վըրան անոր,

Տարիները կը դառնան յար,

Չենք մըտածեր թէ համրիչն այդ,

Օր մը փըրթիլ յանկարծ կըրնար:

Կը ձեռնենք մենք զանոնք հատ-հատ՝

Տըժգոյն յուշեր, իղձեր այրած.

Վարդարանէն անոնց կախարդ

Մերթ կը մընայ խաչ մը կախուած:

Ուշ կամ կանուխ պիտի փըրթի

Խորհուրդ-համրիչն այդ մեր կեանքին,

Իցի՜ւ մաշած հատիկներն իր

Իբրեւ արցունք, իբրեւ ժըպիտ:

Զերծ միջոցէն, ժամանակէն,

Լարին վըրայ անմահութեան,

Յօրինէին համրիչ մը նոր,

Մատուըներուն տակ Արարչին:

Comments


Հետևեք մեզ
facebook-ում 

    Like what you read? Donate now and help me provide fresh news and analysis for my readers   

© Գիտե՞ք, թե,,,

Donate with PayPal

© 2023 by "This Just In". Proudly created with Wix.com

bottom of page