Ոչ մի օր առանց բանաստեղծության
- Ներսեհ Ա. Ա.
- Apr 13, 2019
- 1 min read

ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ
Աքասիաներու շուքին տակ
Ծաղիկներէն յուշիկ թերթեր կը թափէ Բուրումներով օծուն հովիկն իրիկուան, Հոգիներուն կ'իջնէ երազ մը բուրեան, Ի՜նչ հեշտին է մըթնշաղն այս սատափէ։ Աքասիաներ, գինով լոյսէ ու տապէ, Օրօրուելով մաքուր շունչ մը կը հեւան. Մինչ կը ձիւնէ ծաղիկն իրենց հոտեւան՝ Զոր խօլաբար հովը գրկել կը շտապէ։ Ու լոյսն անոնց, անխօս հուրի՛ դիւթական Հըմայագեղ ու վարսքերով արծաթէ, Շատրըւանին կ'իջնէ գուռին մէջ կաթէ։ Ջուրը ցայտքէն ծաղիկ ծաղիկ կը կաթէ. Վըճիտ, ինչպէս լոյսէ արցունքը մանկան, Նըւագն անոր կը հեծեծէ հեշտական։ Ծաղիկներէն հովը թերթեր կը թափէ...։
Comments