Ոչ մի օր առանց բանաստեղծության
- Ներսեհ Ա. Ա.
- Jul 18, 2019
- 1 min read

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Ծննդեան օրդ
Գիտես կը սիրեմ Մեղեդին ձայնիդ, Եւ քեզմէ հեռու Ուր որ ալ ըլլամ՝ Կը լսեմ ես զայն... Կը սիրեմ նաև Նայուածքդ խոհուն, Երբ նայիս ուղիղ Իմ աչքերուն մէջ, Կամ բազմութեան մէջ Նայուածք մը գողնաս՝ Սիրող աչքերէս... Նոյնպէս կը սիրեմ Երբ կը խանգարես Մազերս կոկիկ, Կը սահեցնես Մատներդ մէկ-մէկ Գանգուրներուս մէջ... Եւ համբոյր մը լոկ՝ Գինով եմ արդէն...
Բայց այս վայրկեանիս Հովին եմ տուած Յիշատակներս, Միտքերս բոլոր... Կ՚ուզէի հիմա՝ Յատկապէս այսօր, Ծննդեան օրդ Քու կողքիդ ըլլալ... Ըսել վերջապէս, Պարզապէս յայտնել Թէ մայրդ քեզի Ինձ համար բերաւ։
Իմ սէր, իմ միակ, Թէ կ՚ուզեմ կեանքս Մէկուն հետ կիսել՝ Այդ դուն ես միայն... Որքան որ անցնին Օրեր մեր կեանքէն, Նոյնքան կը մեծնայ Սէրս դէպի քեզ, Սպիտակ ալիք Եթէ կ՚երեւին Մազերուդ մէջ ծով, Այնքան լաւ օրեր Մեզի կը սպասեն...
Քեզ՝ մայրդ ծնեց... Իսկ դուն՝ իմ սէրը...
Comments