Ոչ մի օր առանց բանաստեղծության
- Ներսեհ Ա. Ա.
- Aug 14, 2019
- 1 min read

ԵՂԻՎԱՐԴ
Կը քալեմ նորէն
Կը քալեմ նորէն, տըրտում ու շըւար,
Մարդու մը նման որ արեւուն տակ
Այլեւըս չունի տուն ու տաղաւար,
Բայց վիշտեր հազար:
Ի զուր կը նայիմ անցեալի ճամբուն՝
Երազ մը ինչպէս որբ բայց մըտերիմ,
Ակօսէն որուն ինծի կը նայի,
Մանուկ մը աղուոր:
Որքա՜ն կ՚ուզէի որ գոցուէր ներկան,
Արթըննար անցեալն իմ կախարդական,
Եւ աղօթք մ՚ինչպէս, մայրն իմ հեռաւոր,
Օրերու շուրթին:
Պատմէի իրեն օրերով երկար,
Վիշտերըս ամբողջ, քաղցր ու անվարան,
Թէ մարդերն ինչպէ՛ս դաւեցին ինծի,
Զարկին չարաչար:
Ան միայն կըրնայ սըրբել արցունքներն
Տըղուն իր մեծցած, որ թողած աշխարհ,
Իրեն կը վազէ հեւքով մ՚անանուն,
Զերթ խոցուած թըռչունն:
留言