Բագրատունի «Դուռըս բացիր, մտար ազատ...»
- Ներսեհ
- Feb 4, 2021
- 1 min read

Դուռըս բացիր, մտար ազատ...
Աչքերուս բայց զարմանք չկար:
Ես գիտէի, որ պիտի գաս
Երազիս պէս յուսապատառ:
Խօսքն էր սառած մեր շրթներուն...
Մեր աչքերուն՝ բիւրեղ շիթեր
Սփոփանքը լուռ սիրտերուն
Գրկելէ վերջ պատրանքին սէր...:
Դուռըս բացիր, մտար ազատ...
Եկար յանկարծ, անհըրաւէր...
Խուցըս է նեղ, սիրտըս՝ յանգած...
Լուսնալոյսն է կեանքիս լապտեր:
© Բագրատունի
Comments