Զահրատ «Բոլորս ալ»
- Ներսեհ
- Feb 8, 2021
- 1 min read

Քանի որ բոլորս ալ նոյն նաւը նստեր կը սուրանք անվերադարձ
Քանի որ բոլորս ալ նոյն անձկութեամբ կը կառչինք նաւին խօլարշաւ
Ու քանի որ բոլորս ալ նոյն թափով կը հրենք անոնք որ կ’իյնան վար
Ո՞վ պիտի հարցնէ մեզի այս գիշեր ո՞ւր եւ ի՞նչու
Քանի որ բոլորս ալ նոյն հարցումէն կը փախչինք։
© Զահրատ
Comments