top of page

Ոչ մի օր առանց բանաստեղծության

  • Writer: Ներսեհ
    Ներսեհ
  • Jun 10, 2020
  • 1 min read

ԱՆՈւՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Գիրք Կեանքի


Անինքնավստահ

Քայլերով դողդոջ,

Մօտեցայ ես քեզ

Տարիներ առաջ,

Կարդալու քեզի

Ձեռքիս մէջ պահած

Տողերս առաջին,

Արձագանքները՝

Հոգիիս մանուկ...

Ինչպէս աշակերտ

Նստեցայ կողքիդ

Լսելու համար

Թելադրանքներդ...

Այդպէս վարանոտ

Խնդրելով քեզմէ՝

Չխնդալ յանկարծ.

Չդառնալ անգութ,

Երբ կարդաս տողերն

Կեանքին չբացուած

Հոգիիս մանուկ...


Տարիներն անցան...

Տարիներուն հետ

Մանկութիւնս անցաւ.

Միտքըս բացուեցաւ,

Երազ ունեցայ.

Կամայ ակամայ

Գրուեցան տողերն

Ու գիրքը կեանքիս:


Երբեմն քնքուշ

Ժպտաց իմ հոգին,

Աւելի յաճախ

Լացաւ դառնագին...

Անարժան յուշերս

Յանձնեցի հովին...

Սակայն իմ հոգին՝

Մանուկ օրերու

Երգը միշտ երգեց:


Ու այսօր վստահ

Քեզի կը յանձնեմ

Բառերը երգիս,

Անոր հետ նաեւ

Տողերը կեանքիս,

Որ դո՛ւն, միայն դո՛ւն

Դարձեալ սրբագրես

Հոգատար ինչպէս

Առաջին անգամ,

Արցունքս սրբելով,

Նաեւ բանալով

Աչքերն հոգիիս...


Սրբագրէ՛ հիմա

Սէրերս սխալած,

Ժամանակն անդարձ,

Կեանքս ի զուր անցած...


Բայց ի՞նչ սրբագրես...

Քերթուածս վերջին

Որ դուն ես ամբողջ,

Չունի սխալներ.

Յստակ են արդէն

Բառերս ու միտքերս.

Չկայ վարանում...


Վստահ ձեռքդ ա՛ռ

Գրիչը բախտիս,

Ու շարունակէ՛

Լեցնել էջերը

Իմ կեանքի գիրքին...:

コメント


Հետևեք մեզ
facebook-ում 

    Like what you read? Donate now and help me provide fresh news and analysis for my readers   

© Գիտե՞ք, թե,,,

Donate with PayPal

© 2023 by "This Just In". Proudly created with Wix.com

bottom of page