Ոչ մի օր առանց բանաստեղծության
- Ներսեհ
- May 19, 2020
- 1 min read

ԵՂԻՇԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԴՈՒՐԵԱՆ
Ետեւէս եկուր
Եթէ զիս տանիս դէպի Յորդանան՝
Բացուած երկինքի հրաշքներուն ներքեւ,
Կու գա՜մ վայելել Քու սիրոյդ պարգեւ
Վայրերն այն դալար, ուղխերն փափկութեան:
Կու գա՜մ ետեւէդ՝ եթէ տանիս զիս
Կանայի զըւարթ ակումբներուն մօտ,
Ուր թակոյկներուդ գինին ծաղկահոտ
Պիտի արբեցնէ օրերը կեանքիս:
Կամ եթէ տանիս զիս հոն՝ ուր յոգնա՜ծ
Ու վաստակաբեկ նըստար մօտ հորին,
Եւ Քու կենդանի ջուրէդ առօրին
Կու գա՜մ բուժելու ծարաւս անձկայրեաց:
Կու գա՜մ թէ տանիս զիս Գեննեսարէթ՝
Ծովակին չըքնաղ ափերուն վըրայ,
Ուր անուշ հովին հետ կը թըրթըռայ
Արձագանք մը միշտ՝ անջինջ բառերէդ:
Պատրաստ եմ գալու՝ եթէ տանիս զիս
Դէպի այն լեռան կատարն անմարդի՝
Ուր շողերն հագար արեւ ու վարդի,
Ու բոցով կը վառեմ ամպերն երազիս:
Կու գա՜մ ոստերով ձիթենիներու
Հո՛ն ուր յաղթութեամբ կ’ողջունուիս համակ,
Ու տարածելով ձորձերս ոտքիդ տակ՝
Կը վազեմ փառքիդ շուքն ընդգրկելու:
Կու գա՜մ ետեւէդ մինչեւ վերնատուն,
Վերջին ընթրիքէդ բաժինս առնելու,
Ու նըւագելով երգ կամ ալէլու՝
Կեդրոնի ձորէ՜ն ալ կ’անցնիմ ժըպտուն:
Բայց կը վարանիմ գալ Գեթսեմանի՝
Ուր քունով մ’աչքերս պիտի ծանրանան.
Գուցէ ա՛յն ըլլայ իմ քունը մահուան
Ու մեծ ոչինչին գիրկը զիս տանի...:
Մի՛ մի՛ զիս կանչեր աւելի հեռուն,
Ուր անիրաւներ կը ձաղկեն ըզՔեզ,
Որ խարոյկի քով՝ խանձողի մը պէս
Կըծկած չը մըխա՜մ՝ մոխիր դառնալու:
Ա՜հ, միթէ կըրնա՞մ գալ Քու ետեւէդ
Երբ խաչը ուսիդ կ’ելլես Գողգոթա.
Բայց ի՜նչ սերտ հրապոյր, ի՜նչ բուռն ուժ է դա՝
Որ զիս դէպի հո՛ն ալ կը տանի Քեզ հետ:
Comentários